• Une Étape Historique: L’École Alex Manoogian de l’UGAB Obtient le Permis pour le 2e CYCLE DU SECONDAIRE

Une Étape Historique: L’École Alex Manoogian de l’UGAB Obtient le Permis pour le 2e CYCLE DU SECONDAIRE

July 5, 2024

ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանը պաշտօնապէս կը ստանայ «ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»ի Պետական Արտօնագիր

ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի 55-ամեակին ընդառաջ, անհուն ցնծութեամբ կը յայտարարենք մեր սիրելի ժողովուրդին, որ պաշտօնապէս ստացանք «ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»ի պետական արտօնագիր։ Երկար ու հետեւողական աշխատանքի արգասիքը հանդիսացող այս անկիւնադարձային քայլը, առիթ պիտի ըլլայ բոլորի՛ս վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ շարունակելու մեր երթը, արձանագրելու նորանոր յաջողութիւններ՝ ի նպաստ մեր Միութեան մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրական առաքելութեան։

Գոհունակ սրտով մեր ջերմ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանին՝ իր երկար տարիներու ցուցաբերած խնամքին եւ բարձր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան։

Շնորհակալութեան ազնիւ խօսք՝ Վարժարանիս հիմնադիրներուն, նախկին թէ ներկայ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներուն, աշխատակազմին, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, տնօրէններուն եւ Հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամներուն։ Այս բոլորէն անդին, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտենք, հայ դպրոցի սրբազան առաքելութեան հաւատացող կամաւորներուն եւ ազնուահոգի բարերարներուն։

Ձեռք սրտի պիտի կերտենք ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի գալիք 100 ամեակը։

——————————————–

Une Étape Historique: L’École Alex Manoogian de l’UGAB Obtient le Permis pour le 2e CYCLE DU SECONDAIRE

À l’aube du 55e anniversaire de l’École Alex Manoogian de l’UGAB, nous sommes heureux d’annoncer que nous avons officiellement obtenu le permis pour le 2e cycle du secondaire. Cette étape importante, fruit d’un effort long et collaboratif, marque une nouvelle période de responsabilité pour assurer une excellente éducation aux générations futures. Le courage, la rigueur et une foi inébranlable nous ont guidés jusqu’à ce jour monumental, marquant l’un des plus grands accomplissements de notre école depuis sa création. Ce rêve est partagé par les parents, le personnel, les membres de la communauté et les anciens élèves.

Nous exprimons nos sincères remerciements à tous ceux qui ont cru en cette réalisation et y ont contribué sans relâche. Nous sommes reconnaissants au président de l’UGAB, Berge Setrakian, pour son soutien indéfec